Այս գրութիւնը քանդակագործ Տարիէլ որդի Արամի Յակոբեանի մասին է:
Այցելելէ ետք Զօրավար Անդրանիկի 150-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս ձեռնարկին, ուր ներկայ էր պատկառելի բազմութիւն մը մտաւորականներու եւ պետական դէմքերու եւ Անդրանիկապաշտներու: Միացայ խումբի մը, որ կ’ուզէր այցելել Տարիէլ Յակոբեանի արուեստանոցը:
Գացինք: Այս խումբին անդամներուն քառեակին ծնունդը կանխած էի քսանամեակով մը, բայց որոնց հետ նոյն տարիներու պետական համալսարանի ուսանողներ էինք, երբ ես 34 տարեկան էի, իսկ անոնք՝ 17-18 տարեկան:
Մեր նիւթը այդ երեկոյ Զօրավար Անդրանիկն էր: Նիւթ, որ իր ծանրութեամբ անկշռելի ըլլալուն առաջնորդեց բոլորս Հայոց ազատագրական պայքարի ոլորաններուն:
Հասանք արդէն հոն, ուր կը գտնուէր արուեստանոցը Յակոբեան քանդակագործին: Հոս եւս մեզ կդիմաւորէ Անդրանիկը որպէս քանդակ անլռելի:
Քանդակներու շարքեր մեր շուրջբոլորը: Աշխարհ մը պատմութիւն, խօսք ու գործ, բանաստեղծութիւն, նաեւ գիտութիւն` վերածուած քանդակներու:
Լռել կարելի էր այս արուեստանոցին մէջ, բայց կրնայի՞ն լռել քանդակները, որոնք այնքան խօսուն էին, որոնց լեզու տուած էր կեանքի գնով Յակոբեան քանդակագործը, իր համեստութեան շղարշովը պատելով մեզ զրոյցի հրաւիրող սա գործերը:
Եթէ ըսենք ուրախացանք, քիչ կ’ըլլայ, շա՛տ քիչ: Որովհետեւ խանդավառութեան մը ալիքէն կուգայինք արդէն Անդրանիկէն ծնած, անպարտելի՛ Անդրանիկէն:
ՈՒ ահա, այս արուեստանոցին մէջ մեզ դիմաւորեցին քանդակները «Արծիւ Արարատեան»-ով բացուող: Հոսէն ահա Կոմիտասը խոհուն, Բեթհովէնը հեռաստաններու խուզարկու, Լեւոն Օրբելին մտախոհ, Վարպետին մօրն ու կնոջը քանդակները ժամանակը կեանքի կոչող, Պարոյր Սեւակը որպէս անլռելի զանգակատուն պիրկ շուրթերով ու հեռահայեաց նայուածքով, դիմաքանդակը արուեստի ուսուցիչ Սարգիս Բաղդասարեանին` հեռանալով, մոռանալով մեզի մօտեցող անմոռանալի Վահան Տէրեանը նաեւ իր խիզախ երգով.
Մի՛ խառնէք մեզ ձեր վայրի արջի ցեղերին,
Մեր երկիրն աւերուած, բայց սուրբ է եւ հին...
ՈՒ կարծէք հոս Վահան Տէրեանը Պրէսթ Լիթովսկի դաշնագիրի բեմէն իր զայրոյթն է, որ կը պոռթկայ այսպէս կոչուած մեծ պետութեանց դէմ:
ՈՒ տակաւին քանդակները Ռոբերտ Սրապեանի, ողիմպիականի չեմպիոն Եուրի Վարդանեանի, բնորդներ, մերկեր, քանդակ մը երկրաշարժէն առաջ ու երկրաշարժէն յետոյ որպէս ջարդուած բեկոր: Երկրաշարժ, որուն զոհ գացած են նաեւ իր հարազատներէն ոմանք եւ ապա ալպոմ մը ահա, ուր Շոպէնը կը ներկայանայ հայկական քիթով ու Պարոյր Սեւակը դարձեալ իր ամեհի զայրոյթով, Մակար Եկմալեանը խոհուն, հայոց Արքայական թագը առիւծներով, Հանրապետութեան կոչ մը նաեւ` մեր Երրորդ Հանրապետութեան կոչը տասը տարիով կանխող ու Շամիրամը շամբշոտաշուրթ, Մայքըլ Քրմոյեանը` Ամերիկա ապրող հայ երգիչ, գեղեցկուհի մը հայանայուածք, Ալբերտ Երանոսեանի դիմաքանդակ ու տակաւին թագաւորանիստ քաղաքամուտք Արտաշատի... զորն ասեմ, զորս խոստովանիմ: Ամբողջ աշխարհ մը մահերու եւ վերածնունդի, որոնք մեզ կ’առաջնորդեն խոհերու վերընթաց ալիքներուն:
Տեսա՞ծ էք երբեք հայ տուն մը Հայաստանի մէջ դարերու ընթացքին եւ այսօ՛ր, որ չունենայ բացուած սեղան բարիքներով հայրենի... սա պահուն ինչպէ՞ս չերգէինք «Իբրեւ Արծիւ» պոռթկացող կոկորդով, երբ կուգայինք Զօրավարին 150ին նուիրուած ցուցահանդէսէ մը: ՈՒ մեր ձեռքին սա «Զօրավար Անդրանիկ» ալպոմն ալ վերջապէս, զոր հովանաւորած էր Հայոց Համազգային միութիւնը:
Մթնոլորտն ամբողջ Անդրանիկով էր լի` այսօ՛ր, երբ բազմութիւններ Երեւանի մէջ կարծէք եկած էին զինուորականներու Անդրանիկի բանակին յիշելով թուրքին փախուստը Սարդարապատէն եւ հայոց փախուստը Կարսէն ու Կարին-Էրզրումէն:
Այո, այսօր առանց մոռնալու յիշեցինք մենք մեր յաղթանակը Սարդարապատի մէջ եւ մեր փախուստը Կարսէն ու Էրզրումէն:
Այսօրուայ զինակոչիկները ինքնաբերաբար եկած էին փախուստներու դէմ պատուար դառնալու վճռականութեամբ` դառնալու Զօրավար Անդրանիկին զինուորները:
Զօրավարը իր մահուան մահիճին մէջ գոչած էր. «Մահս չեմ հոգար, այլ գործս, որ կիսատ մնաց»: Այդ խօսքը նոր պատգամ մըն էր, որ իր գործը շարունակէ նոր սերունդը: ՈՒ նոր սերունդը այսօր եկած էր ներկա՛յ ըսելով այդ կոչին:
Մենք հինգ հոգիով շարունակեցինք դիտել քանդակագործ Տարիէլ Յակոբեանի խօսուն քանդակները անկիւնի մը մէջ տեսնելով Բաղդասարեանի «Մենք ենք, մեր սարերը», մամիկ-պապիկին քանդակը, որ Արցախի սահմանին վրայ դարձած էր սահմանապահ, ինչպէս Սասունցի Դաւիթի սուրը ձեռին Սրարշաւ ձին Երեւանի կայարանի հրապարակին: «Մենք ենք, մեր սարերը»,- գոչեցինք մենք եւս, ինչպէս նոյն կոչով իր միտքը հրատարակեց մեր օրերու արձակի վարպետ Հրանտ Մաթեւոսեանը, ինչպէս Վիլիամ Սարոյեանը իր մեծ թատերգութիւնը կոչեց «Իմ սիրտը լեռներու վրայ է», ինչպէս Յովհաննէս Թումանեանը իր լեռնէն հանդարտօրէն վար իջաւ գրաւելու համար մեր դաշտերը, մեր գիւղերը բոլոր...
Չհասկցանք ինչպէս անցաւ անկանգ ժամանակը, երբ մենք ունեցանք ողջ կենսագրութիւնը Տարիէլ Յակոբեանի` իր կազմած բոլոր ցուցահանդէսներով, այս ալպոմին մէջ Մարիամ Այվազեանի յառաջաբանին ընդմէջէն, որուն ալպոմին առաջին էջէն կարդացինք հետեւեալը. «Ճանաչուած քանդակագործ Տարիէլ Յակոբեանը հեղինակ է Հայաստանում ու արտերկրում տեղադրուած բազմաթիւ մոնումենտալ, դեկորաթիւ այլ յուշարձանների ու քանդակների: Կերտել է մի շարք ականաւոր մարդկանց դիմաքանդակներ եւ կիսանդրիներ` Բեթհովէն, Շոպէն, Պուշկին, Կոմիտաս, Իսահակեան, ինչպէս նաեւ Տիգրան Մեծ, Զօրավար Անդրանիկ, Վազգէն Առաջին, Ե. Չարենց, Պ. Սեւակ, Լ. Օրբելի, մեր ժամանակակիցներից` Գ. Դեւրիկեան, Վ. Համբարձումեան, Ս. Բաղդասարեան, Ս. Զորաբեան, Ս. Սարինեան եւ շատ այլ արձաններ, որոնք մեծ ընդունելութիւն ունեն մեր հանրապետութիւնում եւ այլուր»:
Այս բոլորին ի տես եւ ի լուր նախ մեր բաժակները բարձրացուցինք Զօրավար Անդրանիկի յաւերժական կենացը եւ ապա համեստօրէն իր գլուխը խոնարհող քանդակագործ Տարիէլ Յակոբեանի կենացը, որ մեղմօրէն կ’ըսէր մեզի. «Երեկոն ոչ թէ իմ կենացով, այլ Զօրավար Անդրանիկի կենացով պէտք է փակուէր...»:
Յարգանք մեր մշակոյթի ապրո՛ղ մեծերուն:
Թորոս ԹՈՐԱՆԵԱՆ